-Ես հայ չեմ:
Եթէ արատ մըն է հայ ըլլալը, իրաւունք ունիս: Եթէ հայ անունը կրելու կ՛ամչնաս եւ նուազում կը զգաս քու արժէքէդ, ազատ ես: Իսկ եթէ անարգանք է ան, հեռացի՜ր: Հայ չես, այլ՝ կորսուած մը:
Ամբողչ ժողովուրդ մը, վսեմ ու հպարտ, կը զգետնես դուն: Դարերու յաւիտենական ազգասիրութիւնը ոտնակոխ կ՛ընես:
Մեծ-հայրդ սուրին ահաւոր վտանգին դէմ պայքարեցաւ քեզ հայ պահելու: Մեծ-մայրդ Տէրզօրի աւազներուն վրայ այբուբենը սորվեցուց իր զաւակներուն, ու դուն ժառանքեցիր ամենամեծ նուէրը ու յիշատակը: Չես կրնար ուրանալ՝ հայեր էին անոնք, բարձրահոգի:
Ու հիմա, ինչո՞ւ այսքան մերձեցում օտարներուն եւ անոնց անհրապոյր շրջանակներուն: Ինչո՞ւ այսքան փարում անոնց անցողակի բարքերուն: Միթէ անոնցմէ է ծծմայրդ. անո՞նց գուրգուրանքին տակ աճած է հասակդ: Ո՞ւր է կրթութեանդ աղբիւրը: Ո՞վ է քեզ գրաւած:
Դուն չես ճանչնար անձդ. չես գիտեր ճանչցնել դուն քեզ: Ծանօթ չես քու գրականութեանդ ու լեզուիդ, «Ախ, լեզուն լեզուն, լեզուն որ չըլլի մարդ ինչի նման կ՛ըլլի…»:
Ո՞ւր կ՛երթաս: Ո՞ւր պիտի հասնիս:
Մենք շրջապատուած ենք անյատակ անդունդով, ուր գահավիժողը ձուլման գերեզմանէն ներս ողջ պիտի մտնէ, եւ իր մահը պիտի ապրի:
Հեռացի՜ր անկէ ու փորձէ՜ ըլլալ հայ:
Խօսիր հայերէն, պիտի զգաս լեզուի ճկունութեան գոհունակութիւն:
Կարդա հայ գրականութիւնը, պիտի զգաս մտքի գոհունակութիւն:
Լսէ անոր լեզուին սահունութիւնը, պիտի զգաս ճաշակի գոհունակութիւն:
Նայիր անոր հանճարներուն, պիտի զգաս հոգեկան գոհունակութիւն:
Կրէ հայ անունը, պիտի զգաս պատիւ:
Իսկ եթէ չես կրնար, նախանձի՜ր մեզի, մենք հայ ենք. ու դուն՝ կորսուած:
21 Դեկտեմբեր 1965

Comment