Re: Prospects of a Kurdish state and what it means for Armenia
Ակնարկ. Քրտական Ինքնավարութիւն= Թրքական Ինքնավառութիւն
August 22, 2015
Թուրքիոյ տարածքին քրտաբնակ նահանգներու ինքնավարութեան հռչակման լրատուութիւնները կրնան չափազանցուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգել: Միջազգային մամուլի լայն անդրադարձը, նոյնիսկ պատահարներու երբեմն ուռճացուած ձեւով ներկայացումը որոշ քաղաքականութիւն կը մատնէ: Ներթրքական անկայունութիւնը աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ օրակարգային խնդիր է, չըսելու համար առաջադրանք գուցէ:
Քրտական (իմա` աշխատաւորական կուսակցութեան) գետնի վրայ շարժումները ռազմավարական ընդհանուր երկու ուղղութիւն ունին: Առաջինը` թրքական պետական կեդրոններու եւ իրաւապահ մարմիններու նկատմամբ թիրախաւորուած գործողութիւններ. երկրորդ` քրտաբնակ շրջաններու զինեալ ինքնապաշտպանութիւն: Երկու ուղղութիւնները շեշտակիօրէն ունին զինուորական բնոյթ եւ ըստ էութեան փոխկապակցուած են: Բախումնային վիճակի ստեղծումը հիմնարար պատճառ է երկրորդի դիմումին: Գործողութիւններու այս շղթային վերջնաթիրախը քաղաքական բնոյթ ունի. ինքնավարութեան հաստատումն է:
Այս պատճառով ալ թէեւ առայժմ թիւերով եւ տարողութիւններով յատկանշուած, Թուրքիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջաններու արագ բազմապատկումի լրատուութիւնը տեղեկատուական պատերազմին մաս կազմող քարոզչաքաղաքական գործողութիւն է, որ ըստ երեւոյթին կը հովանաւորուի միջազգային ընտանիքին կողմէ:
Մանրապատկերային օրինակ մը կրնայ լոյս սփռել ինքնավարութեան այսօրուան իրողական պայմաններուն վրայ: Հետագայ իրադարձութիւններու ելակէտային նմուշ կարելի է նկատել Տէրսիմը, ուր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) արդէն 5 օր է` Տէրսիմ նահանգը ինքնավար մարզ յայտարարած է: Քրտական խումբը փակած է նահանգի երկու կարեւորագոյն ճանապարհները եւ ստուգումներ կը կատարէ: Թրքական աղբիւրը կը յայտնէ, որ ճանապարհները հսկող քիւրտերը կը զննեն բոլոր ինքնաշարժները եւ կը ստուգեն ուղեւորներու անձնագիրները:
Եթէ խնդրոյ առարկայ չդառնայ այս լրատուութեան հաւաստիութիւնը, հետեւեալ արագ եզրակացութիւններուն կարելի է յանգիլ.
Ա. Տէրսիմը դուրս եկած է թրքական իրաւապահ մարմիններու վերահսկողութենէն:
Բ. Քաղաքը այլ շրջաններու կապող ճամբաները քիւրտ զինեալներու ամբողջական վերահսկողութեան տակ են:
Գ. Հինգ օրէ ի վեր թրքական զինեալ ուժեր կացութիւնը վերահսկելու միջոցի չեն դիմած:
Երեւոյթը կրնայ մտածել տալ, որ ինքնավարութեան այս մոտելը միայն Տէրսիմին չի վերաբերիր: Քրտական գործողութիւններուն ներառուած են քրտաբնակ այլ շրջաններ եւս:
Այս իրականութիւնը, համեմատած իրաքեան Քիւրտիստանի հետ, կը յուշէ, որ զինուորաքաղաքական իրադարձութիւններուն զուգորդուող քաղաքական առաջադրանքը Թուրքիոյ տարածքին ինքնավար քիւրտիստաններ ստեղծելն է: Եթէ աւելցնենք նաեւ Սուրիոյ մէջ ոչ պաշտօնականացած իրողապէս ինքնավար Քիւրտիստանը` հիւսիսային շրջանին մէջ, ապա միջազգային ընդհանուր առաջադրանքը կ՛ուրուագծուի: Երեք երկիրներու մէջ այս հանգրուանին ստեղծել ինքնավար քիւրտիստաններ:
Իրաքեան Քիւրտիստանը կայացած է. սուրիականը կայացման ընթացքի մէջ է, իսկ թրքականը նոր դրսեւորումներ արձակելու ընթացքը առած է:
«Իսլամական պետութիւն»-ը հարուածելու միջազգային կանաչ լոյսէն օգտուելով քիւրտերը հարուածելու թրքական խաղը սպառած է եւ յետհարուածային ազդեցութիւն կը գործէ շատ ուժեղ ձեւով: Անգարան ինքզինք առաջնորդած է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող կացութեան առջեւ: Քրտական ինքնավարութիւնը հաւասարազօր է թրքական ինքնավառութեան:

Comment