Re: Syrian Armenian
Հալէպահայ Չորս Առեւանգեալներ Ազատ Արձակուեցան
By ADMINX - Wed Sep 11,
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ ազատ արձակուած են չորս առեւանգուած հայեր: Անոնք են` Կարօ Պապօղլեան, Սագօ Ասատուրեան, Նարեկ Վարժապետեան, Գարեգին Հացագործեան, անոնք ներկայիս Հալէպ կը գտնուին:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը նաեւ հաղորդեց, որ ուրբաթ, 30 օգոստոս 2013-ին Սուլէյմանիէ հայաշատ թաղամասին մէջ ինկած հրասանդի հրթիռի պատճառով զոհուեցան երեք հայեր` Ճորճ Քույումճեան, Հրայր Թարախճեան եւ Մհեր Էօրտեքեան: Հրթիռը պատճառեց նաեւ քանի մը հայ վիրաւորներ, որոնք անմիջապէս բուժում ստացան հիւանդանոցներուն մէջ: «Ազդակ»-ի թղթակիցը նշեց, որ շրջանին մէջ գտնուող Ինքնաշարժները եւ խանութները կրեցին նիւթական վնասներ: Հայաշատ թաղամասերը տակաւին կը դիմագրաւեն հրասանդի հրթիռներու հարուածներ:

Comment